Լրահոս
Քաղաքական
11:36
26.03.22
1 257

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կողքին․ հայտարարություն

Img default alt hy

ՀՅԴ բյուրոն հայտարարություն է տարածել․

«Կը կատարուի այն՝ ինչ կ՚ակնկալուէր. Ազրպէյճանը, օգտուելով Ուկրաինոյ հարցին վրայ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնացումէն, քայլեր կը կատարէ աւարտին հասցնելու իր հակահայ ծրագրերը, որոնք իրականացնելու նորագոյն հանգրուանը սկսաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմով։

Միաժամանակ, վերջին ամիսներուն նկատելի էին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9/10-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան խոչընդոտող գործողութիւններ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ:

Արտասովոր ցուրտ եղանակի այս օրերուն Արցախի գազատամատակարարման խափանումով և Փառուխ գիւղ ու յարակից տարածքներ ներխուժումով Ազրպէյճան կը հետապնդէ Արցախը հայաթափելու իր անթաքոյց ծրագիրը։

Այս ծանր օրերուն, անհրաժեշտ է ամէնուրեք համազգային ուժերով դիմադրել Ազրպէյճանի և Թուրքիոյ այս հակահայ քաղաքականութեան։

Առ այդ, անհրաժեշտ է.

ա)Դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն և ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող պետութիւններուն՝ պահանջելով որ չանտեսեն Արցախի և Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ քաղաքականութիւնն ու քայլերը։

բ)Ազրպէյճանի և Թուրքիոյ դէմ բողոքի տարաբնոյթ գործողութիւններով՝ հրաւիրել քաղաքական շրջանակներու և հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը նոր թափ առած հակահայ այս քաղաքականութեան վրայ։

Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմէն կը պահանջենք ապահովել թշնամի ուժերու իրենց ելման կէտեր վերադարձը և խաղաղութեան պահպանումը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կողքին և պատրաստ է անոր աջակցելու հնարաւոր բոլոր միջոցներով, որպէսզի Պաշտպանութեան բանակը կարենայ իրականացնել՝ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու իր պատասխանատուութիւնը։

Ազրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ այս քաղաքականութիւնը չի կրնար մնալ առանց արձագանգի. այս քաղաքականութեան հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելու են այդ երկու պետութիւնները»։